2014-02-04 12:35:39

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը քառասնորդացին առթիւ`''Ինք որ հարուստ էր, ձեզի համար աղքատացաւ, որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատութեամբ''։


2014-ի քառասնորդացին առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց Աստուծոյ ժողովուրդին որպէսզի լաւագոյնս պատրաստուի, ապաշխարութեամբ ու ծոմապահութեամբ, Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան տօնին։
Պատգամին բնաբանը գաղուած է Պօղոս առաքեալի կորնթացիներու ուղղուած Բ թուղթէն գլուխ 8, համար 9. ''Ինք (Քրիստոս) որ հարուստ էր, ձեզի համար աղքատացաւ, որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատութեամբ''։ Հեթանոսներու առաքեալը կը դիմէ Կորնթոսի քրիստոնեաներուն քաջալերելու համար զանոնք` առատաձեռն ըլլան եւ օգնութեան հասնին Երուսաղէմի հաւատացեալներուն, որոնք կարիքի մէջ են։
Պօղոս առաքեալի այս խօսքը` հրաւէրը աղքատութեան, աւետարանական իմաստով, ի՞նչ կ'ըսէ այսօրուայ քրիստոնեաներուն։ Այս խօսքը նախ եւ առաջ մեզի կը յայտնէ Աստուծոյ ոճը։ Աստուած ինքզինք կը յայտնէ աղքատութեան ու տկարութեան մէջ եւ ոչ աշխարհի նման զօրութեամբ ու հարստութեամբ։ Այս է Յիսուսի ոճը մեզ սիրելու, մեզի մօտ ըլլալու եւ մենք, բարի սամարացիի նման, որ կիսամեռ մարդուն օգնութեան կը հասնի, կանչուած ենք սիրելու ու եղբայրասէր ըլլալու։ Յիսուսի սէրը մեզի կը պարգեւէ ազատութիւն, ճշմարիտ փրկութիւն,, ճշմարիտ երջանկութիւն։ Քրիստոսի աղքատութիւնը մեզ կը հարստացնէ։ Ուստի կանչուած ենք Յիսուսի հետքերուն վրայ ընթանալ։ Ինքն է որ կը շարունակէ փրկել մարդիկն ու աշխարհը, իր աղքատութեան միջոցաւ։ Ան կը շարունակէ մեզի համար աղքատանալ խորհուրդներու մէջ, Աւետարանին մէջ եւ Եկեղեցւոյ մէջ։ Աստուծոյ հարստութիւնը նման չէ աշխարհի հարստութեան։ Մենք կանչուած ենք նմանելու մեր Վարդապետին, օգնութեան հասնելով կարօտեալ մեր եղբայրներու նիւթական, բարոյական ու հոգեւոր կարիքներուն։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, քառասնորդացի այս շրջանին աղօթքս է որ համայն Եկեղեցին պատրաստ ըլլայ օգնութեան հասնելու բոլոր անոնց որոնք կ'ապրին նիւթական, բարոյական ու հոգեւոր աղքատութեան մէջ։ Ծոմապահութեան ու ապաշխարութեան այս շրջանը նպաստաւոր ժամանակ է ուրիշի համար զոհուելու։ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ ու շնորհքով կը ներկայանանք իբր տխուր մարդիկ` սակայն միշտ ուրախ ենք։ Աղքատներ` սակայն այնքաններ կը հարստացնենք։ Չքաւորներ` սակայն ամէն բան ունինք։
Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը կ'եզրափակէ հետեւեալ աղօթքով. Թող Տէրը օրհնէ մեր առաջադրանքները եւ զօրացնէ մեր մէջ գիտակցութիւնը տկարին օգնութեան հասներու կարեւորութեան։ Իմ այս մաղթանքը կ'ուղղեմ որպէսզի ամէն հաւատացեալ ու ամէն եկեղեցական հասարակութիւն առատ շնորհք քաղէ քառասնորդացի այս նպաստաւոր ժամանակէն։ Թող Տէրը օրհնէ ամէնքդ ու Տիրամայրը ձեզի պահպանէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.